ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրան այցելեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին եւ յարակից Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թոփգաբուի թաղային խորհուրդը վերջերս այցելած էր քաղաքապետարան եւ այդ ժամանակ քաղաքապետը խոստացած էր փոխադարձել այդ այցելութեան։ Ան այս օրերուն արդէն յարգած է իր խոստումը՝ փոխադարձ այցելութիւն մը տալով Թոփգաբուի ընտանիքին։ Թաղային խորհուրդի անդամները եւ Թոփգաբուի ընտանիքի միւս պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալած են քաղաքապետը, որուն կ՚ընկերանային փոխ-քաղաքապետներ եւ օգնականներ։ Էրկիւն Թուրանի այցելութեան ներկայ գտնուած է նաեւ Մեսուտ Կիւրսոյ, որ թաղեցի երիտասարդ գործիչ մը ըլլալով՝ կը խրախուսէ թաղային խորհուրդի եւ քաղաքապետարանի յարաբերութիւնները։

Այցելութեան ընթացքին Էրկիւն Թուրան թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ դպրոցի մէջ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղած է Թոփգաբուի ընտանիքի կարիքներուն մասին։ Կ՚ակնկալուի, որ յառաջիկայ շրջանին քաղաքապետարանը զօրակցութեան առարկայ դարձնէ Թոփգաբուի ընտանիքը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021