ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Գումգաբուի ընտանիքը կը պատրաստուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ սարքուելիք տարեկան սիրոյ սեղանին, որ տեղի պիտի ունենայ 13 հոկտեմբերին։ Երէկ երեկոյեան «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որով ազդարարուեցաւ տարեկան սիրոյ սեղանի նախապատրաստական աշխատանքներուն սկիզբը։ Սեղանը օրհնեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, որու կողքին էին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, որ տեղեկութիւններ տուաւ թաղի այժմու կարիքներուն եւ պիւտճէի բացին շուրջ։ Հարկ է նշել, որ Մայր վարժարանը այս տարի ունի 110 աշակերտ եւ 25 կրթական մշակ կ՚աշխատի դպրոցէն ներս։ Ներկայ էր նաեւ տնօրէնուհի Թալին Նայիր։

Ընթրիքի մասնակիցները խորհրդակցեցան, թէ ինչպիսի միջոցներ պէտք է ձեռք առնեն՝ այս տարուան կարիքները դիմագրաւելու, դպրոցի տարեկան պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու համար։ Բոլորը համամիտ էին, թէ համայնքի զօրակցութիւնը պէտք է ապահովուի առաւելագոյն չափով՝ Մայր վարժարանի կայուն երթը երաշխաւորելու համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2019