ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելեց Յունաց Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքարանի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Միջեկեղեցական-միջկրօնական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նախքան ընդունելութիւնը, Նորին Ամենապատուութիւնն ու հետեւորդները այցելեցին Աթոռանիստ Ս. Գէորգ տաճար, ուր առաջի Ս. Սեղանոյ կատարեցին աղօթասացութիւն։ Ապա Պատրիարք Հայրը հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Պատրիարքի հետ։

Քաղաքավարական այս այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ քորոնաժահրի համավարակի շրջանը արգելք եղած էր փոխադարձ այցելութեանց։ Սոյն այցելութեամբ երկու հոգեւոր պետեր համախմբուելու եւ զրուցելու առիթն ունեցան։ Տեսակցութեան ընթացքին գաղափարի փոխանակումներ եղան միջեկեղեցական յարաբերութեանց մասին։ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար։ Ինք եւս անդրադարձաւ համավարակի շրջանի առթած նեղութիւններուն ու մաղթեց, որ այս դժուարին օրերը անցնին ի մօտոյ Աստուծոյ ողորմութեամբ։ Հանդիպման աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը իր այցելութեան իբրեւ յիշատակ՝ Նորին Սրբութեան նուիրեց հայկական ոճով պատրաստուած ու փայտափորագրուած Աստուածամօր նկար մը։ Իսկ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ու նուիրեց «Քարամաներէն» խորագրով ծանօթ՝ յունատառ թրքերէնով գրուած երկու աղօթագիրք, որ վերածուած էր լատինատառ թրքերէնի։

Նորին Ամենապատուութիւնն ու հետեւորդները Յունաց Պատրիարքարանէ հրաժեշտ առնելէ յետոյ այցելեցին նաեւ Ոսկեղջիւրի ափի՝ Պուլկար Սւեթի Ստեֆան (Ս. Ստեփանոս) եկեղեցին, որ ծանօթ է «Երկաթեայ եկեղեցի» անունով ու կատարեցին ուխտի աղօթք։ Տեղւոյն վրայ Նորին Ամենապատուութիւնը հետաքրքրուեցաւ եկեղեցւոյ պատմութեամբ եւ այժմու առաքելութեամբ։ Գոհունակութիւն յայտնեց, որ ճարտարապետ Յովսէփ Ազնաւուրի անունը անմահացած էր եկեղեցւոյ պատմութեամբ ու տաճարը բաց էր աստուածային պաշտամունքի եւ մերթ ընդ մերթ կը մատուցուէր Ս. Պատարագ, մանաւանդ տօնական օրերուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020