ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՌԱՏԻՈՅԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին ռա­տիո­յի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Մարկ Գրի­գո­րեանն ու իր օգ­նա­կա­նը՝ Ա­նի Մի­նա­սեա­նը։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Մարկ Գրի­գո­րեան եւ Ա­նի Մի­նա­սեան շա­բա­թէ մը ի վեր կը գտնուէին քա­ղա­քիս մէջ։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան Իս­թան­պուլ-Ե­րե­ւան ու­ղիղ թռիչ­քով ա­նոնք ար­դէն հրա­ժեշտ ա­ռին քա­ղա­քէս։ 

Մարկ Գրի­գո­րեան եւ Ա­նի Մի­նա­սեան Իս­թան­պու­լի մէջ ու­նե­ցան հե­տաքրք­րա­կան կե­ցու­թիւն։ Մարկ Գրի­գո­րեան նա­խա­պէս զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով այ­ցե­լած էր քա­ղաքս, իսկ Ա­նի Մի­նա­սեա­նի ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւնն էր այս մէ­կը։ Ա­նոնք թէ՛ շրջե­ցան քա­ղա­քի պատ­մամը-շա­կու­թա­յին յատ­կան­շա­կան յու­շար­ձան­ներն ու հիմ­նա­կան թա­ղա­մա­սե­րը եւ թէ զա­նա­զան շփում­ներ ու­նե­ցան հա­մայն­քէն ներս։ 
Ե­րէ­կուան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Մարկ Գրի­գո­րեան եւ Ա­նի Մի­նա­սեան մե­զի հետ բաժ­նե­ցին շուրջ մէկ շաբ­թուան կե­ցու­թեան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ 
Մարկ Գրի­գո­րեան ներ­կա­յիս մշա­կած է ծրա­գիր մը՝ Իս­թան­պու­լի հայ­կա­կան կեան­քին եւ հետ­քե­րուն վրայ ծան­րա­նա­լու նպա­տա­կով։ Ներ­կայ այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է, որ­պէս­զի ան քիչ մըն ալ այդ աչ­քով դի­տար­կէ Պո­լի­սը եւ հա­մա­պա­տաս­խան գա­ղա­փար­նե­րը հա­սունց­նէ։ 
Մարկ Գրի­գո­րեան եւ Ա­նի Մի­նա­սեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րի հո­գե­ճա­շին։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2018