Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնը նշուեցաւ խանդավառ մթնոլորտով։ Բոլոր դասարաններու սաները ելոյթներով հանդէս եկան՝ իրենց մակարդակին համապատասխան։ Բազմակողմանի ծրագիրը առիթ դարձաւ, որ տղաքը աւելի ամբողջական պատկերացում մը կազմեն այս տօնին՝ մանաւանդ Հայ գիրերու գիւտին շուրջ։ Քանի մը օրերու վրայ տարածուած ծրագիրը պատրաստուած էր դպրոցի ուսուցչական կազմի անդամներուն եւ մանկապարտիզպանուհիներու ջանքերով։

Եզրափակիչ փուլին տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու աշակերտներուն յիշեցուց, թէ որքան մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին հաղորդ դառնալը։ Ան իր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր կրթական մշակներուն, որոնք իրենց նպաստը բերած էին կազմակերպչական աշխատանքներուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021