Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՀԵՏ

Գալֆաեան Տան մէջ երէկ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որ կազմակերպուած էր Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ հայ մշակոյթի ամսուան շարժառիթով։ Այս ձեռնարկին վերաբերեալ հաղորդումներուն մէջ նշուած է, որ հայր սուրբը վարժարանի հոգեւոր խորհրդատուն է եւ դասախօսութիւնով մը հանդէս եկած է ուսուցչական կազմին համար՝ անդրադառնալով Ս. Թարգմանչաց շարժման կարեւորութեան։ Ան կանգ առած է թարգմանիչ վարդապետներու եւ հայ մշակոյթի ամսուայ խորհուրդին վրայ։ Կրթական մշակներու նկատառման յանձնած է, որ Ս. Թարգմանչաց շարժումը պատահաբար չէր յառաջացած։ Արդարեւ, Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետը, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը եւ Վռամշապուհ արքան համախոհութիւն մը կազմած էին։ Հայր սուրբը բացատրեց, որ Ս. Թարգմանչաց տօնը կարելի է ըմբռնել երկու նշանակալից բեւեռներով, որոնցմէ առաջինը կը հասնի մինչեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, իսկ երկրորդը՝ Ս. Վարդան Մամիկոնեան։ Այս շարժումը հայ-քրիստոնէութեան վրայ ծնունդ առած է եւ ազդեցութիւնը կը շարունակուի մինչեւ մեր ժամանակները։ Կրթական մշակներուն տեսակէտէ առանձնապէս կարեւոր է, որ հայ ժողովուրդը անցեալին հայեցի դաստիարակութեան ճանապարհը գտած է Ս. Թարգմանչաց ոգիին մէջ։ Ուստի, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան կոչ ուղղեց, որպէսզի այս տօնը սահմանափակ չմնայ սոսկ յիշատակութիւնով, այլեւ անոր խորհուրդը վերաթարմացման միջոցի մը վերածուի։

Հուսկ, ան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն ու մաղթեց, որ դպրոցէն ներս զգալի ներկայութիւն դառնայ Ս. Թարգմանիչ վարդապետներու օրհնութիւնը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021