ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՍԵՄԻՆ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը նախատեսուած է նոյեմբերի 12-ին։ Խնամակալները սիրոյ սեղանին ընդառաջ ներկայացան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որ գոհունակութիւն յայտնեց արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ ապահովուած ձեռքբերումներուն համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի աւարտին խնամակալներուն յղեց իր օրհութիւններն ու կարողութեան մաղթանքները։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2023