ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 152-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Գումգաբուի մէջ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ նշուեցաւ Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 152-րդ տարեդարձը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Պարիարքական աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ ապրուեցաւ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էին Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Քերվանճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Գըլըճեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին բրշ. սարկաւագներ եւ այլ դպիրներ։

Արարողութեան մասնակցութիւն բերին նաեւ Գալֆաեան Տան խումբ մը սաներ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան հաստատութեան հիմնադիրները, սատարողները եւ բոլոր սպասաւորները՝ ի մասնաւորի Գալֆաեան Ուխտի անդարձ բաժնուած անդամուհիները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց հայր սուրբը, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Սիրոյ սեղանի մասնակիցներու շարքին էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, ինչպէս նաեւ բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Սիւզան Ավճըի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, խնամակալութեան անդամներէն Յարութիւն Շեշեթեան, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ դպրոցի աշակերտները հանդէս եկան խմբերգներով՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Էրլին Թոմաօղլուի հսկողութեան ներքեւ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ «Ճանչցիր երեխաներու իրաւունքները» խորագրեալ տեսանիւթը, որու կարգախօսն էր՝ «Լուսաւորէ ապագան»։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ տեղեկացուց, թէ պիւտճէի յայտարարուած բացը կարեւոր չափով արդէն փակուած էր։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2018