ՄԱՀ՝ ԿԱՐՊԻՍ ՄԱՍԿԱՖԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ գիշեր իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի երախտաշատ ու յայտնի ներկայացուցիչներէն Կարպիս Մասկաֆեան։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մասկաֆեանի անզուգական հայրն էր ան, որ երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առած է 89 տարեկան հասակին։ Գումգաբուի ընտանիքի խորհրդանշական անուններէն մին էր Կարպիս Մասկաֆեան, որ պոլսահայ աւանդութիւններու մթնոլորտին մէջ հասած էր եւ իր կեանքի ողջ տեւողութեան սպասաւորութիւն բերած՝ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին։

Կարպիս Մասկաֆեանի մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը անցած էին Կէտիկփաշայի եւ Գումգաբուի մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ ան ծառայած էր Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Վառվառեան դպրաց դաս-երգչախումբին։ Եկեղեցական կեանքէ ներս բերած սպասաւորութեան զուգահեռ ան հրապարակի վրայ ալ կը վայելէր յարգանք ու բարի համբաւ։ Արդարեւ, Կարպիս Մասկաֆեան կեանքի ողջ տեւողութեան աշխատած էր որպէս արհեստաւոր։ Ինքնաշարժներու ելեկտրական համակարգերու վրայ մասնագիտացած արհեստաւոր մըն էր ու ծանօթութիւն ձեռք բերած էր՝ իբրեւ բարդ հարցերու լուծող։ Ամուսնացած էր, ունէր երկու զաւակ եւ թոռնիկներ։ Տիպար ընտանեկան հայր մըն էր, որու սէրը եւ հոգածութիւնը համաչափ կը տարածուէր բոլոր սիրելիներուն վրայ։

Կարպիս Մասկաֆեան շուրջ երկու տարիէ ի վեր կը տառապէր հիւանդութենէ իրեն ի սպաս դրուած խնամքը դժբախտաբար վերջին շրջանին մնաց անբաւարար եւ ան իր բնակարանին մէջ աչքերը փակեց կեանքին։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Կարպիս Մասկաֆեանի հոգւոյն, կը ցաւակցինք իր այրիին, համայն ընտանիքին՝ ի մասնաւորի մեր սիրեցեալ բարեկամ Հրանդ Մասկաֆեանին։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019