ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐՈՒԹ ՔԷՕՍԷ

Սրտի դառն կսկիծով վերահասու եղանք, որ երէկ գիշեր մեզմէ անդարձ բաժնուած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն Արութ Քէօսէ, որու կորուստը խոր ցաւ պատճառած է իր սիրելիներու շրջանակին։ Ան հայրն էր մեր համայնքային շրջանակներու յայտնի դէմքերէն՝ հասարակական գործիչ Ժագլին Քէօսէի եւ Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան վարչութեան նախկին ատենապետներէն Յովհաննէս Քէօսէի, որոնք ներկայիս կը սգան իրենց սիրեցեալ հօր կորուստը։

Արութ Քէօսէ 1931 թուականին ծնած էր Ուլաշի մէջ, Սեբաստիա։ 1945 թուականին իր ընտանիքին հետ գաղթած էր Իսթանպուլ։ 50 տարի Գոց շուկայի մէջ երկար տարիներ աշխատած էր որպէս արհեստաւոր եւ առեւտրական։ Եղած էր պղնձագործ վարպետ մը, նաեւ զբօսաշրջիկներու համար յուշանուէրներ վաճառած էր՝ հրապարակի վրայ միշտ վայելելով բարի համբաւ եւ համակրանք։

Արութ Քէօսէի կեանքի ամենայատկանշական երեսակներէն մին կը վերաբերէր իր զինուորական ծառայութեան։ Արդարեւ, ան մասնակցութիւն բերած էր Քորէայի պատերազմին՝ մաս կազմելով Թուրքիոյ կողմէ ուղարկուած այն զինուորներու շարքին, որու անդամները այնտեղ պայքարած էին՝ որպէս ՄԱԿ-ի մարտիկ։

Արութ Քէօսէ ամուսնացած էր Արաքսի Քէօսէի հետ. իրենց ամուսնութիւնը շարունակուած էր 65 տարի։ Բախտաւորուած էին երկու զաւակներով, աւելի վերջ ալ թոռնիկներով։ Եղած էր նահապետական ընտանիքի բնորոշ հայր մը, որ իր գուրգուրանքը տարածած էր բոլոր հարազատներուն վրայ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Արութ Քէօսէի բարի հոգւոյն եւ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք այրիին, մեր սիրելի բարեկամուհի Ժագլին Քէօսէին, Յովհաննէս եւ Թալին Քէօսէ ամոլին, նաեւ բոլոր հարազատներուն։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019