ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՆՇԵՑ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը վերջին օրերուն աւանդական ոգեւորութեամբ նշեց Ուսուցչաց օրը։ Այսպէս, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտներու կողմէ կատարուած ելոյթները թէ՛ ծափահարելի էին եւ թէ ցոլացուցին անոնց կողմէ տածուած երախտագիտութիւնն ու սէրը՝ իրենց ուսուցիչներուն նկատմամբ։ Հանդէսի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Յայտագիրի գործադրութենէն վերջ աշակերտները կրթական մշակներուն նուիրեցին՝ դպրոցի ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած ծաղիկները։

Միւս կողմէ, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ նոյն առթիւ ճաշասեղանով մը պատուեց դպրոցի ուսուցչական կազմը։ Եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուած սեղանը օրհնեց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ միեւնոյն ժամանակ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։ Ներկայ էին թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ տքթ. Եգուարդ Հարբութ, տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ ուսուցչական կազմը։ Սեղանի շուրջ արտասանուեցան՝ բարեմաղթանքներով հիւսուած բաժակաճառեր։ Աւարտին կրթական մշակները հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021