ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ նախակրթարաններու տնօրէնները։ Ողջունելով կրթական մշակներու ներկայութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, որ սա վերջին շրջանի արդէն երկրորդ հանդիպումն էր անոնց հետ։ Ծանօթ է, որ Նորին Ամենապատուութիւնը միջոցէ մը ի վեր իրերայաջորդ խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի հիմնական կառոյցներու ղեկավարներուն հետ եւ այդ շարքը սկսած էր վարժարաններու տնօրէններով։ Երէկուան զրոյցի ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ տնօրէնները, հակառակ իրենց վարչական բազմազբաղ վիճակին՝ յանձն առած էին փութալ Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նշեց, որ երէկուան հանդիպումը կազմակերպուած էր նախորդին ժամանակ արտայայտուած գաղափարներու լոյսին տակ։ Ան հերթական անգամ ընդգծեց հայերէնի եւ կրօնի առարկաներու դասաւանդութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, մանաւանդ նախակրթութեան համար սահմանուած տարիները կը համարուին էական, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին է, որ անհրաժեշտ գիտելիքները կը ջամբուին աշակերտներուն եւ անոնք այդ բոլորը ստացած ըլլալով կը շարունակեն լիսէի ուսումը։

Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը առաջարկեց՝ պոլսահայ վարժարաններու հայերէնի եւ կրօնի ուսուցիչներուն մասնակցութեամբ կազմել երկու յանձնախումբ, որպէսզի աշխատանք տարուի այդ առարկաներու դասաւանդման ծրագիրի մը մշակման ուղղութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, այս բանը կրնայ ապահովել, որ մեր վարժարաններէն ներս միօրինակութիւն մը ապահովուի այդ առարկաներու դասաւանդման պարագային։ Այդ յանձնախումբերը աշխատանք կրնան տանիլ՝ նկատի ունենալով աշակերտութեան մակարդակը եւ իւրաքանչիւր դասարանէ ներս աւանդուած դասաժամերու դրութիւնը։

Ի լրումն այս բոլորին, երէկ քննարկուեցաւ նաեւ ուրիշ առաջարկ մը, որպէսզի այլ յանձնախումբ մըն ալ կազմուի՝ դասաւանդուելիք նիւթերու ըստ դասարաններու դասաւորման ու դասագիրքերու պատրաստութեան համար։ Այս առաջարկը եւս ողջունելի համարուեցաւ, որովհետեւ մեր վարժարաններէն ներս դասարաններու հետեւողականութեան առընթեր, դասաւանդուած նիւթերն ալ ըստ այդմ կրնան կարգաւորուիլ այսպէսով, ինչ որ վերջին հաշուով արդիւնաւէտութեան բարձրացման կրնայ նպաստել։

Երէկուան հաւաքին մասնակից տնօրէնները շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռին կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար եւ Գումգաբուէն հրաժեշտ առին ստանալով Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները։ Մինչ այդ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տնօրէններուն նուիրեց Աթոռի նախկին գահակալ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին ձօնուած յուշամատեանէն օրինակներ։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021