ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՊՈՅՏ ՑԱՆԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս հիւրընկալեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցանկի անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց թեկնածուները, որոնք փութացած էին իր օրհնութիւնը ստանալու։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին թեկնածուները Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին ապագայի վերաբերեալ իրենց տեսլականը։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց թեկնածուներու ծառայութեան պատրաստակամութիւնը եւ հայրաբար թելադրութիւններ ըրաւ անոնց։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը յղեց իր յաջողութեան մաղթանքը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2022