ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ Ուսուցչաց օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Հանդէսի յայտագրին մասնակցութիւն բերին դպրոցի բոլոր դասարաններէն սաներ։ Տղաքը իրենց ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը՝ գնահատելով դպրոցի կրթական մշակներուն աշխատանքը։

Հանդէսի աւարտին վարժարանի ծնողաց միութեան անդամներն ալ կրթական մշակներուն յանձնեցին յուշանուէրներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2022