ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԴԵՂԻՆ ՑԱՆԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նուրիձա Եասուլքալը եւ իր գործակից ընկերները։ Եասուլքալ, որ երկար տարիներէ ի վեր կը գլխաւորէ թաղային խորհուրդը, յառաջիկայ ընտրութիւններուն ալ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը՝ կարգ մը նոր անուններու ներգրաւումով։ Որպէս Դեղին ցուցակ՝ մեր համայնքին պիտի ներկայանայ այս խումբը, որ ընտրութիւններուն ընդառաջ ստացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։

Զրոյցի ընթացքին թեկնածուները Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին իրենց ծրագիրներն ու մտադրութիւնները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ գնահատեց անոնց ծառայութեան պատրաստակամութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2022