ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՆՌՆՕՐՀՆԷՔ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած Աւետարանական սերտողութիւններու մասնակիցներն ու թաղի յարակից մարմիններու անդամները նախընթաց օր համախմբուեցան Նոր տարուան առթիւ։ Այս առթիւ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագ մը՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որ գլխաւորեց երգեցողութիւնները։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նռնօրհնէք եւ ներկաներուն տեսակէտէ հոգեւոր հրճուանքի առիթ հանդիսացաւ՝ օրհնուած նուռեր ստանալը։ Եկեղեցւոյ յարակից «Պալըքճեան» սրահին մէջ ալ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին երգուեցան Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի բնորոշ երգեր։ Յանուն ներկաներուն սրտի խօսք մը արտասանեց Անի Պարոնեան, հաւաքոյթը աւարտին հասաւ հայր սուրբի խօսքով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2018