ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

Ամանորի ընդառաջ Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը անցուց ոգեւոր շաբաթավերջ մը։ Այսպէս, Բանկալթըի «Ռամատա փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ աւանդական Ամանորի քէրմէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Թէ՛ ակումբի վարչայինները եւ թէ իրենց գործակիցները անթերիօրէն կազմակերպած էին քէրմէսը, որու շրջանակին մէջ այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած ճաշակաւոր իրերը բոլորի հետաքրքրութեան արժանացան։ Քէրմէսի տեւողութեան հաճելի կատարումներով մթնոլորտը խանդավառեց մեներգչուհի Մարալ Այվազ։ Ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք այս առթիւ Մարալ Այվազին յանձնեց յուշանուէր մը։

Մինչ այդ, Շիշլիի ձմրան զանազան դասընթացքներու մասնակիցներուն համար ալ կազմակերպուեցան Ամանորի խրախճանքներ, որոնց ընթացքին բոլորը զիրար շնորհաւորեցին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2022