ՄԱՀ՝ ԿԱՐՊԻՍ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ

Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին ունեցաւ ցաւալի կորուստ մը։ Մեր մարզական աշխարհի առասպելական անուններէն մէկուն աստղը սահեցաւ՝ իսկապէս պատճառ դառնալով խոր ցաւի։ Ոչ եւս է առասպելական կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեան, որ իր նուաճած ախոյենութիւններով մեծ պատիւ բերած էր մեր համայնքին։ Ան Շիշլի մարզակումբի ամենախորհրդանշական անուններէն մին էր։ Որպէս արհեստավարժ կռփամարտիկ՝ հասած էր մեծ նուաճումներու եւ միջազգային բազում մրցաշարքերու ժամանակ ներկայացուցած էր նաեւ Թուրքիան։ Ժամանակի մամուլին մէջ լայնօրէն կը լուսաբանուէր իր գործունէութիւնը։ Իր սերնդակիցներուն եւ մեր մարզասէրներուն տեսակէտէ ոգեւորող կերպար մըն էր Կարպիս Զաքարեան, որու արձանագրած յաջողութիւններու արձագանգները կը շարունակուէին՝ նոյնիսկ իր մարզական գործունէութեան եզրափակուելէն վերջ։

Աշխոյժ մարմնամարզի կեանքը աւարտելէ վերջ ալ, այս ռինկերու արքան շարունակած էր վայելել մեծ յարգանք ու համակրանք։ Այդ հեղինակութիւնով ան միշտ ներկայ էր համայնքային կեանքէն ներս եւ անտարակոյս, այդ ներկայութիւնը մինչեւ վերջ բոլորին տեսակէտէ եղաւ ողջունելի։ Զանազան շրջաններ մաս կազմած էր նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին։

Դժբախտաբար, յառաջացած տարիքի մէջ, Կարպիս Զաքարեանի առողջութիւնը վերջին շրջանին բաւական վատթարացած էր։ Շաբաթավերջին ան աչքերը փակեց կեանքին՝ իր դարմանուած հիւանդանոցին մէջ։ Իր կորուստը խոր սուգի մատնեց թէ՛ հարազատները եւ թէ համայնքային շրջանակները։

Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի հրապարակուին ընտանեկան մահազդով, որ պիտի հրատարակուի վաղը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Կարպիս Զաքարեանի հոգւոյն եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր հարազատներուն, համայն ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2020