ՏԱՐԵԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔ

Կէտիկփաշայի Հրանդ Տինք վարժարանը քորոնաժահրի համաճարակի բարդ պայմաններուն ներքեւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ դիմագրաւելով յաւելեալ դժուարութիւններ։ Այս դպրոցը պոլսահայ կրթական կեանքէն ներս եզակի առաքելութիւն, առանձնայատուկ դերակատարութիւն ունի, ինչ որ միշտ արծարծուած կը պահէ անոր նկատմամբ զգայնութիւնը։ Հայաստանէ արտագաղթած ընտանիքներու զաւակները անտէր մնալէ փրկելով, հայեցի դաստիարակութեան ծածկոյթի տակ պահող կառոյց մըն է այս մէկը։ Սա միայն դպրոց մը չէ, այլ նաեւ՝ ապահով ու տաքուկ բոյն մըն է իր բոլոր սաներուն համար։ Որքան որ ալ պաշտօնական կարգավիճակ չունի, որքան որ ալ ֆիզիքական պայմաններու լուրջ խնդիրներ ունի, որքան որ ալ նիւթական անբաւարարութիւններով կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը, Հրանդ Տինք վարժարանը տարիներէ ի վեր կ՚արդարացնէ իր լինելութիւնը։

Այս տարի դպրոցին համար տարեկան հանգանակութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօնով պիտի ոգեկոչուին այս դպրոցի բոլոր սատարողները։ Պոլսահայ միւս վարժարաններու նման՝ համաճարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած՝ այս տարի Հրանդ Տինք վարժարանին ի նպաստ ալ նուիրահաւաքման նախաձեռնութիւնը ծրագրուած է առանց սիրոյ սեղանի։ Դպրոցի կամաւորները մամլոյ միջոցաւ հրապարակած են դրամատան հաշուեհամարներ, որպէսզի հաստատութեան բոլոր համակիրները, ընդհանրապէս մեր համայնքը կարենայ իր զօրակցութեան բաժինը բերել։

Տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ զրուցեցինք Հրանդ Տինք վարժարանի սիւներէն Դալար Հորոզօղլուի հետ, որ կը գլխաւորէ Հրանդ Տինք վարժարանի՝ կամաւորներէ բաղկացեալ վարչութիւնը։ Ան յայտնեց, որ 2020 թուականին դպրոցը տասն շրջանաւարտ տուած է։ Անցեալ տարուայ բոլոր ընթացաւարտները Հայաստան վերադառնալով ստացած են իրենց վկայականները եւ այնտեղ կը շարունակեն իրենց ուսումը։

Այս տարի, ըստ Դալար Հորոզօղլուի, դպրոցի աշակերտութեան թիւը կը կազմէ շուրջ 80։ Վերջին շրջանին մօտաւորապէս 40 աշակերտ պակսած է Հրանդ Տինք վարժարանէն համաճարակի եւ այլ զանազան պատճառներով։ Արդարեւ, դպրոցի բազմաթիւ աշակերտներու ծնողները համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած մթնոլորտին մէջ անգործ մնացած են ու նախընտրած՝ Հայաստան վերադառնալ։ Ուստի, քանի մը տասնեակ աշակերտ հեռացած է Հրանդ Տինք դպրոցէն։ Ծնողներուն հետ Հայաստան վերադարձած այդ աշակերտները հնարաւորութիւն ունեցած են առանց տարի կորսնցնելու իրենց կրթութիւնը շարունակելու։

Դալար Հորոզօղլու մեզի յայտնեց, որ Հրանդ Տինք վարժարանի գործունէութիւնը շուրջ տարիէ մը ի վեր կ՚ընթանայ քորոնաժահրի համաճարակի սահմանափակումներուն համապատասխան։ Մէկ կողմէ հեռակայ ուսուցման բերումով դպրոցի ծախսերը նուազած են, որովհետեւ աշակերտները ֆիզիքապէս դպրոց չեն յաճախեր եւ կը կրճատուին անոնց սննդառութեան համար ներդրուած միջոցները։ Միւս կողմէ, նոյնպէս համաճարակի հետեւանքով դպրոցի սաներու ընտանիքներու նիւթական վիճակը վատթարացած է, մարդիկ գործազուրկ մնացած են։ Այս վիճակը անխուսափելիօրէն կ՚անդրադառնայ դպրոցին վրայ, որովհետեւ աշակերտներու ծնողներուն կողմէ կատարուած նուիրատուութիւնները զգալիօրէն նուազած են եւ մեծ հաշուով դպրոցի եկամուտներն ալ պակսած։ Ըստ Դալար Հորոզօղլուի, այս հակասական հաւասարակշռութիւններու պայմաններուն ներքեւ Հրանդ Տինք վարժարանի պիւտճէի բացը այս տարի 800 հազար թրքական լիրա կը կազմէ։ Հեռավար ուսուցման ստիպողութիւնը այլ խնդիրներու ալ ծնունդ տուած է դպրոցի տեսակէտէ։ Արդարեւ, բոլոր աշակերտները պէտք է համակարգիչներ ունենան ներկայ պայմաններով կրթութիւն ստանալու համար։ Ուստի, կամաւոր վարչայինները անցեալ ժամանակաշրջանին աջակցութեան մթնոլորտ ստեղծելով ապահոված են, որ 15 աշակերտ ունենայ իր համակարգիչը՝ հետեւելու համար հեռավար դասընթացներուն։ Հրանդ Տինք վարժարանէն ներս դպրոց յաճախելու կամ չյաճախելու եւ ընդհանրապէս համավարակի պայմաններով կրթութեան կազմակերպման առումով նկատի կ՚առնուին Թուրքիոյ մէջ որդեգրուած ընդհանուր կարգադրութիւնները՝ Ազգային կրթութեան նախարարութեան տնօրինութեամբ։

Տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ, Դալար Հորոզօղլու խոր երախտագիտութեամբ ընդգծեց Պատրիարքական Աթոռին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին, թրքահայ համայնքային հաստատութիւններուն, պոլսահայ մամուլին եւ կրթասէր անհատներու կողմէ դպրոցին նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան, որու կողմէ միշտ դրական վերաբերմունք կը ցուցաբերուի։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021