ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՃԱՄԲԱՐԸ

Շիշլի մարզակումբը՝ դպրոցական ներկայ արձակուրդի ընձեռած հնարաւորութենէն օգտուելով, կազմակերպեց իր պատանի մարզիկներուն համար ճամբար մը։ Մալթեփէի համալսարանի «Մարմարա» կրթական աւանէն ներս, «Մարմա» պանդոկի երդիքին տակ համախմբուեցան շիշլիցի պատանի մարզիկները, որոնք քառօրեայ ծրագրի մը հետեւեցան։ Բոլոր առումներով յաջողութեամբ պսակուած ու արդարացած նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը։ Արդարեւ, տղաքը թէ՛ մարզուեցան եւ թէ արձակուրդի շրջանին լիցքաթափուեցան՝ իրարու հետ հաճելի ժամանակ անցընելով։ Անոնք թէ՛ մարզիչներու եւ թէ այլ մասնագէտներու վերահսկողութեան տակ էին։

Միւս կողմէ, Շիշլիի ֆութսալի խումբը արդէն սկսած է 2022-2023 շրջանի մրցապայքարին։ Կը հաղորդուի, որ Սաքարիայի մէջ տեղի ունեցած եղանակի առաջին երկու խաղերէն շիշլիցիները դուրս եկած են յաղթական։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023