ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԵՒ ԷԼԱԶԸՂԻ ՄԷՋ

Գաւառի համայնքներու հոգեւոր տեսուչ եւ Անտիոքի եկեղեցեաց հովիւ Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան, ընկերակցութեամբ Եուսուֆ Ուրարակիր Դպիր Թապաշեանի հովուական այցելութիւն մը տուաւ Մալաթիոյ եւ Էլազըղի հայ համայնքներուն եւ Սուրբ Ծննդեան արարողութիւնները կատարեց։

Էլազըղի մէջ, յունուարի 20-ին, Սամէտ-Իլտա Պոզթաշ ամոլի բնակարանին մէջ մատուցուեցաւ առտնին Ս. Պատարագ, որու աւարտին կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Տէր հայրը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները փոխանցելէ յետոյ Սուրբ Ծննդեան եւ անոր յաջորդող տօնական օրերու իմաստին մասին խրատական մը խօսեցաւ։ Սիրոյ եւ զոհողութեան գաղափարներուն վրայ շեշտը դնելով, քրիստոնէական ոգիով համախմբուելու կարեւորութիւնը յիշեցուց եւ յայտնեց, որ Սուրբ Ծննդեան շրջանը այս հոգիով ի մի համախմբուելու համար լաւ առիթ մըն է։ Տէր հայրը այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ ընտանիքին։

Իսկ յաջորդ առաւօտ, այցելութիւն մը տրուեցաւ քաղաքի հայոց գերեզմանատունը, ուր համայնքի անդամներէն ոմանք համախմբուեցան եւ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն։ Արարողութեանց աւարտին տէր հայրը նոյն օրը ուղուեցաւ դէպի Մալաթիա։

Մալաթիոյ մէջ, յունուարի 22-ին, տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Յարութիւն մատրան մէջ Ս. Պատարագ մատոյց եւ խրատական մը խօսեցաւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեց Եուսուֆ Ուրարակիր Դպիր Թապաշեան, իսկ երգեցողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ տեղւոյն հաւատացեալները։ Նախքան Տէրունական աղօթքը, տէր հայրը այստեղ եւս նախ փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ողջոյնները, ապա իր խօսքի ընթացքին շեշտեց հոգեւոր կեանքի մէջ զարգանալու կարեւորութիւնը։ Ան ըսաւ, որ Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդ անձանց կեանքերուն մէջ տեսանելի ներկայութեան կը վերածուի խաղաղութիւնն ու օրհնութիւնը։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի անդամներուն, որոնք հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն մասնակցած էին Ս. Պատարագին ու անոնց փոխանցեց բարեմաղթութիւններ։ Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ Ջրօրհնէք, որմէ յետոյ գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգիստ։

Կրօնական արարողութեանց աւարտին մատրան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին ներկաներն ու տէր հայրը շնորհաւորեցին զիրար։

Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Եուսուֆ Թապաշեան նոյն օրը վերադարձան Իսքենտէրուն։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023