ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Իսթանպուլի Արդի արուեստի թանգարանը։ Հինգերորդ դասարանի սաներէն բաղկացեալ խումբը թանգարանի համալիրէն ներս մասնակցութիւն բերաւ «BASF Kids» գիտութեան աշխատանոցին։ Այս առթիւ անոնք տեղեկութիւններ քաղեցին առողջապահական սնունդներու եւ աւելի առողջ ու մաքուր միջավայրի մը մէջ ապրելու առաւելութիւններուն մասին։ Տղոց համար մասնաւորապէս հետաքրքրական էր՝ հետեւիլ ջուրի զննումի ու ծանօթանալ տարրաբանութեան։
Իրականացուած գիտական փորձին շրջագծով տղաքը նախ զանազան նիւթերով աղտոտեցին ջուրը, իսկ աւելի վերջ զանազան տեսակի գործընթացներով ականատես եղան անոր մաքրուելուն։ Այս հետաքրքրական փորձառութիւնը իսկապէս անմոռանալի եղաւ աշակերտներուն համար։