ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ առաջին Արեւագալին, որու ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցան արարողութիւնները, որոնց մասնակցեցան նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Արեւագալի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ Ջրօրհնէք։

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ ճաշասեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանը, հոգեւոր հայրերը, դպիրներն ու հաւատացեալները։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020