ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի ճատրակի խումբը եղաւ Պէյօղլուի շրջանի ախոյեանը։ Անցեալ շաբթուան մէջ, այս գաւառակի դպրոցներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքը հանդիսացաւ իսկապէս բարդ մրցակցութեան մը թատերաբեմը։ Խաղերու աւարտին Էսաեանի խումբը նուաճեց առաջնութիւնը, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։

Ախոյեան էսաեանցիներն են՝ Տիրան Քէօսէ, Արէս Պոյաճեան, Լիա Եուրթկիւլիւ եւ Լինա Պոյաճեան։ Խումբը կը մարզէ Սայաթ Թուղլաճը։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020