ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի, որոնց միացած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն ու մատաղօրհնութիւնը այս տարի կը զուգադիպի յառաջիկայ ապրիլի 11-ին։ Թէեւ քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներու պատճառաւ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը հանդիսաւորապէս պիտի չնշուի, սակայն թաղականները այս հանգրուանին ներկայացան Պատրիարք Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու եւ եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակաւ։ Անոնք զրոյցի ընթացքին եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ, իրենց ծրագիրներուն մասին եւս արտայայտուեցան։ Իր կարգին, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան յայտնեց, թէ Մեծ պահքի շրջանին եկեղեցւոյ մէջ կանոնաւորապէս տեղի ունեցան Արեւագալի արարողութիւնները։

Ապա Պատրիարք Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ անցեալին որպէս հոգեւոր հովիւ պաշտօնավարած ըլլալով՝ մօտէն ծանօթ է Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ երբեմնի տօնախմբութիւններուն։ Դժբախտաբար այս տարի եւս համավարակը պատճառ կը դառնայ, որ անցեալի նման մեծահանդէս արարողութիւններով չնշուի եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը նեցուկ կը կանգնի իր եկեղեցիներուն եւ այս առումով մաղթեց, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը Գումգաբուի Դրսի եկեղեցւոյ ընտանիքին համար ըլլայ օրհնալից։ Լսելով նաեւ այցելուներու ապագայի վերաբերեալ անոնց ծրագիրները՝ մաղթեց, որ անոնք յաջողութեամբ պսակուին։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր խօսքերու աւարտին թաղականներուն յաջողութիւն մաղթեց՝ իրենց եկեղեցանուէր գործուէութեանց մէջ։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արթօ Արմանի։ Անոնք եկեղեցւոյ կալուածներէն միոյն վերջնական վիճակին մասին Պատրիարք Հօր տեղեկութիւն փոխանցելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու համար եկած էին Պատրիարքարան։ Թաղականները յայտնեցին թէ, եկեղեցւոյ կալուածներէն միոյն վրայ կառուցուած է նոր շէնք մը, որ արդէն իսկ վարձու տրուած է։ Արթօ Արման եւ գործակից ընկերները յայտնեցին, թէ շէնքին եկամուտը համայնքին ի նպաստ պիտի օգտագործուէի։

Պատրիարք Սրբազան Հայրը լսելով փոխանցուած տեղեկութիւնները իր ուրախութիւնն ու հայրական գնահատանքը յայտնեց։ Քորոնաժահրի համավարակի պայմաններուն ներքեւ երբ համայնքային հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը առաւել եւս անհրաժեշտ կը դառնայ, Ոսկեղջիւրի այս եկեղեցւոյ ներդրումը այս առումով գովելի է։ Պատրիարք Հայրը այս առիթով օրհնեց թաղականները եւ մաղթեց, որ իրենց գործունէութիւնը ըլլայ յարատեւ։

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021