Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան մեկ­նե­ցաւ Ե­րե­ւան՝ իր հետ ու­նե­նա­լով Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի խմբա­վար Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեանն ու Տնօ­րէն խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Նու­պար Կիւ­զէլ­տէվ­լէ­թեա­նը։ Հայր Սուր­բը եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն շփում­ներ ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի Նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս։ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը կը նա­խա­տե­սէ հա­սունց­նել հա­մա­տեղ ծրա­գիր մը՝ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան երգ­չա­խում­բին հետ, ո­րու խմբա­վարն է Յով­հան­նէս Չէ­քի­ճեան։

Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեան եւ Նու­պար Կիւ­զէլ­տէվ­լէ­թեան քա­ղաքս պի­տի վե­րա­դառ­նան շա­բա­թա­վեր­ջին։  

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016