ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ան­գա­րա­յի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Պես­սը։ Այս վերջ­նոյն կ՚ըն­կե­րա­նար նաեւ Իս­թան­պու­լի մօտ ԱՄՆ-ի ա­ւագ հիւ­պա­տոս Ճե­նի­ֆըր Տէյ­վիս։ Ճոն Պեսս փա­փա­քած էր Նո­րին Սրբազ­նու­թե­նէն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քի առ­կայ զա­նա­զան հար­ցե­րուն շուրջ։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց այս այ­ցե­լու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ ու պար­զեց իր մօ­տե­ցում­նե­րը այն նիւ­թե­րուն շուրջ՝ ո­րոնք ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ էին։ Կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­նե­րէ վերջ  եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­ժեշտ ա­ռին յայտ­նե­լով ի­րենց շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, նա­խըն­թաց օր ալ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը հրէից Պա­սէ­քի տօ­նին առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Րա­բու­նա­պետ Ռաւ Իս­հաք Հա­լե­ւա­յին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017