Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս օրերուն կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ Երեքշաբթի յետմիջօրէին մեկնած է Քէօլն։ Ան այս օրերուն կը զբաղի Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդի պաշտօնին վերաբերեալ իր ընթացիկ գործերով։ Կը նախատեսուի, որ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան քաղաքս վերադառնայ յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017