ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՄ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան ղեկավար դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր Լանտրուտը, որ Անգարայի մէջ արդէն աւարտելու վրայ է իր պաշտօնավարութեան շրջանը։ Ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ փափաքած էր՝ հրաժեշտի բերումով։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին եւրոպացի դեսպանը ամփոփ անդրադարձաւ իր պաշտօնավարութեան տարիներու տպաւորութիւններուն եւ Նորին Ամենապատուութեան կարծիքը շօշափեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու վիճակին մասին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիւանագիտական ապագայ գործունէութեան մէջ յաջողութիւն մաղթեց դեսպան Լանտրուտին։ Հուսկ, Նիքոլաուս Մէյէր Լանտրուտ յուշանուէր մը յանձնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որն ալ իր կարգին գիրքեր նուիրեց եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտին, որ իր առաքելութիւնը աւարտած է Թուրքիոյ մէջ։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024