ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵԾԱՐԵՑ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԸ

Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը՝ ի պատիւ փորձառու ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի աջակցութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը հանդիսացաւ պատեհ առիթ մը՝ արժեւորելու համար երէց սերունդի հեղինակաւոր վարպետներէն Նշան Եաղուպեանի վաստակը։ Արդարեւ, Նշան Եաղուպեան երկար տասնամեակներէ ի վեր իր մասնագիտական պաշարը ի սպաս դրած է ընդհանրապէս մեր երկրին, նաեւ մասնաւորապէս մեր համայնքին համար։ Այս բոլոր հանգամանքներու լոյսին տակ՝ մօտաւոր անցեալին ՀԱՅՃԱՐ-ի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկէն վերջ, երէկ ալ Գատըգիւղի ընտանիքը մեծարեց զինքը։ Ինչպէս նախորդ երեկոյթը՝ սա եւս ունէր մէկ կողմէ մեծարանքի բնոյթ, իսկ միւս կողմէ պատեհ առիթ մը դարձաւ Նշան Եաղուպեանի նկատմամբ անհրաժեշտ երախտագիտութիւնը մատուցելու տեսակէտէ։

Երէկուան հանդիսութեան ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, ՀԱՅՃԱՐ-ի ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ իր ընկերները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան եւ իր ընկերները, թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Երեկոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան՝ Ռաֆֆի Գրիգորեան, Արման Պիւքիւճեան, ինչպէս նաեւ Ատոմ Շաշքալ եւ Իրէն Պըչաքճը, որոնք համակարգած էին այս ծրագիրը։ Յայտագրի առանցքը կազմեց իր մասին պատրաստուած փաստավաւերագրական ժապաւէն մը, որու բեմադրիչն էր Ատոմ Շաշքալ։ «Մարդը, որ չի յագենար ճարտարապետութեամբ» խորագրեալ այս ժապաւէնին մէջ Նշան Եաղուպեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին վկայութիւններ բերած էին՝ Պերճ Չալըքման, Էլիֆ Կիւնտողտու, Էնիս Քորթան, Էվին Էրիշ, Լեւենտ Աքսիւթ եւ Եաշար Մարուլեալը։ Սա անշուշտ ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը չէր, սակայն մեծարեալի հարազատ Գատըգիւղին մէջ ընկալուեցաւ իւրայատուկ ոգեւորութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ։

Ժապաւէնի ներկայացումէն վերջ Եաղուպեանին յանձնուեցան յուշանուէրներ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Գատըգիւղի թաղային խորհուրդին կողմէ։ Այս վերջինը յուշանուէր մը պատրաստած էր նաեւ ՀԱՅՃԱՐ-ի համար։ Գէորգ Էօզգարակէօզ արտասանեց շնորհաւորութեան հակիրճ խօսք մը։ Թալին Պէրպէրօղլու Եաղուպեանին յանձնեց՝ դպրոց տուած այցելութեան յիշատակի մեծադիր խմբանկարը՝ շնորհաւորելով զինքը։ Մեծարեալն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին։ Ռաֆֆի Գրիգորեանի կողմէ իրեն յանձնուած ծաղիկները եկան բնորոշել յայտագրի աւարտը, մինչ հայր սուրբն ալ հուսկ բանքին մէջ գնահատեց վաստակաշատ վարպետը։

Աւելի վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Նշան Եաղուպեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր բարեկամական շրջանակին կողմէ։ Բոլորը հերթական անգամ իրենց հիացմունքը յայտնեցին Նշան Եաղուպեանի մարդկային համեստութեան եւ ասպարէզի անկրկնելի ընդունակութիւններուն նկատմամբ՝ մանաւանդ, որ ան է ճարտարապետը Արամեան-Ունճեան վարժարանի այժմու համալիրին։

1928 թուականին Իսթանպուլի մէջ ծնած է Նշան Եաղուպեան, որ աւարտած է Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Ճարտարապետութեան բաժինը։ Միջիկընի համալսարանէն ներս կատարելագործած է իր բարձրագոյն ուսումը։ 2000 թուականէն սկսեալ միջոց մը դասախօսած է «Ետիթեփէ» համալսարանի Ճարտարապետութեան ֆաքիւլթէէն ներս։ Իսթանպուլի Ազատ ճարտարապետներու միութեան կողմէ 2003 թուականին պատուոյ անդամ համարուած է՝ Թուրքիոյ մէջ այս բնագաւառին բերած նպաստին բերումով։ Պետական եւ հանրային բազմաթիւ շինութիւններու հեղինակ Նշան Եաղուպեան իր ստեղծագործութիւններով արժանացած է բազում պարգեւներու եւ մրցանակներու։ Մեր համայնքէն ներս ալ ան ծաւալած է երախտաշատ գործունէութիւն։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017