ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ԲԱՌԱԽԱՂ

Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուած անգլերէն բառախաղը երէկ եզրափակուեցաւ։ Նախընթաց օր միջնակարգերու մակարդակով տեղի ունեցած բառախաղերուն երէկուան եզրափակիչ փուլը միջլիսէական մակարդակի վրայ էր։

Լիսէականներու բառախաղի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ փորձառու կրթական մշակ Եւա Պիւյիւքսիմքէշեան։ Էսաեանի սաները այս առթիւ գործադրեցին գեղարուեստական ամփոփ յայտագիր մը, որու աւարտին ծանօթացուեցան դպրոցէն ներս անգլերէնի եւ հայերէնի ուղղութիւնով ծաւալուած աշխատանքները։ Ուսուցչուհի Մելիսա Շամի կողմէ տրուած կանոններու վերաբերեալ բացատրութիւններէն վերջ բառախաղը շարունակուեցաւ օրուան տեւողութեան։

Արդիւնքին խմբային դասաւորման մէջ դափնեկիրները հանդիսացան՝ Էսաեան, Սահակեան-Նունեան եւ Կեդրոնական։

Անհատական դասաւորման մէջ դափնեկիրները եղան՝ Թալին Աքպաշ (Սահակեան-Նունեան), Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան (Էսաեան) եւ Արիս Նշան (Էսաեան)։ Այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ յաջողեցաւ ապահովել ամենաբարձր նիշը եւ արժանացաւ յատուկ մրցանակի։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի շնորհաւորութեան խօսքով եւ մրցանակաբաշխութեամբ։

Հրաժեշտի պահուն բոլորը զիրար շնորհաւորեցին եւ ժամադրուեցան յաջորդ տարուան մրցոյթին համար։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2017