ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան քառօրեայ տօնական դադարէն առաջ համայնքային առկայ հրատապ հարցերուն շուրջ նամակ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու հրատապ հարցերուն շուրջ ծանօթագրութիւններու ձեւաչափով գրութիւն մըն էր այս մէկը։ Պատրիարքարանի դիւանի հաղորդումներով, Նորին Ամենապատուութիւնը նախ անդրադարձաւ քորոնաժահրի համաճարակին՝ մաղթելով, որ ժամ առաջ վերջ գտնէ երկրի դիմագրաւած դժուարին այս շրջանը եւ վերահաստատուի բնականոն առօրեան։ «Այս դժուարին օրերուն մեր ապրած խաղաղութիւնը եւ վստահութիւնը կը պարտինք ձեր առաջնորդութեամբ յառաջ տարուած հոյակապ ջանքերուն եւ աշխատանքին», նշած է Նորին Ամենապատուութիւնը։

Նամակին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ որպէս առանցքային նիւթ մատնանշած է համայնքային շարք մը հրատապ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ ան կանգ առած է համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան խնդրին վրայ, որու լուծման կապակցութեամբ կատարեալ վստահութիւն յայտնած է պատշաճի տնօրինման ուղղութեամբ։ Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուած է մեր համայնքային վարժարաններու դիմագրաւած այժմու ծանր հարցերը։ Այս ամբողջին մէջ ան խնդրած է պետութեան զօրակցութիւնը։

Այս նամակի ուղարկուելէն վերջ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը կապ հաստատած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։ Այս անմիջական արձագանգով Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեակ պահուած է, որ համաճարակի շրջանի յաղթահարումէն վերջ լուծում մը պիտի տրուի այս խնդիրներուն։ Նոյն արձագանգով պայմանաւորուած դրական ակնկալութիւններու լոյսին տակ Պատրիարքարանի դիւանն ալ համայնքային շրջանակները տեղեակ պահեց, որ մեր կարեւոր հարցերը արդէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ պետութեան նկատառման յանձնուած են։ Այդ խնդիրները պատկան իշխանութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուին, անոնց լուծման ուղղութեամբ զգալի է դրական կամք եւ համապատասխան աշխատանքները կը շարունակուին։ Ուստի, համաճարակի յաղթահարումէն եւ բնականոն առօրեայի վերահաստատումէն անմիջապէս վերջ այս հարցերը պիտի քննարկուին ու պիտի գտնեն իրենց լուծումը։ Գումգաբուի աղբիւրները ընդգծած են Պատրիարքական Աթոռի կատարեալ վստահութիւնը այս ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2020