ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԷՆ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը վշտակից եղաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. (Կապրոյեան) հոգեւոր տիրոջ վախճանման առթիւ։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այս կապակցութեամբ ցաւակցական մը ուղարկեց Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան, Կրօնական ժողովին, հոգեւորականաց դասուն, համայնքային պաշտօնական մարմիններուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին յայտնեց ցաւակցութիւններ։

Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկացուց նաեւ, որ այս կիրակի հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մեր եկեղեցիներուն մէջ՝ նորոգ վախճանեալ Կաթողիկոս-Պատրիարքի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Հինգշաբթի, Մայիս 27, 2021