ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
«Աւրասիա» գեղարուեստի կեդրոնէն ներս այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «ARTCONTACT» Իսթանպուլի արդի արուեստի տօնավաճառը, որ այս տարի երկրորդ անգամ կազմակերպուած է։ Մինչեւ շաբաթավերջ պիտի շարունակուի այս ծրագիրը, որուն մասնակցութիւն կը բերեն մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր արուեստագիտուհիներ՝ Արշօ Գասպարեան եւ Ազնիւ Չոպան։
Երկար տարիներէ ի վեր Արշօ Գասպարեան աշխատանք կը տանի գեղարուեստի պատմութեան, նկարչութեան եւ քանդակագործութեան ուղղութիւններով։ Այժմու տօնավաճառին ան կը մասնակցի «Յիշողութեան արձանի ցուցադրում» կոչուած ստեղծագործութիւնով, ինչ որ անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ։
Նկարչուհի Ազնիւ Չոպանն ալ ուրոյն ստեղծագործութիւնով մը մասնակցութիւն բերած է այս նախաձեռնութեան, սակայն գեղարուեստի կեդրոնէն ակամայ կը բացակայի՝ քաղաքէ դուրս աշխատանոցի մը մասնակցելու ստիպողութեան բերումով։