ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԿԸ ՅԱՒԱԿՆԻ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԵԱՆ
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբին արձանագրած յաջողութիւնները առիթ կը հանդիսանան մեծ ոգեւորութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլի անցեալ տարի Թուրքիոյ ֆութսալի լիկը ախոյեան աւարտած էր եւ այս տարի ալ նոյն նուաճումը կրկնելու համար մրցապայքարի մէջ է։ Շիշլիցիները յաւակնոտ արդիւնքով կ՚ընթանան այդ պայքարի ճանապարհին։ Ներկայ եղանակին Շիշլիի ֆութսալի կազմը ապահոված է տասնմէկ յաղթանակ, երկու խաղը աւարտած է հաւասարութեամբ ու միայն մէկ անգամ պարտութիւն կրած։ Այսպէսով շիշլիցիները երեսունհինգ նիշ ապահոված եւ արդէն առաջին հորիզոնականին վրայ դիրքաւորուած են։ Այժմ կը սպասուի աւարտականի փուլերուն։
Շիշլիի ամբողջ ընտանիքը կ՚ակնկալէ, որ այս տարի եւս ֆութսալի խումբը ախոյենութեան բաժակին տիրանայ։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնն ալ կը ջանայ միշտ խրախուսել մարզիկներն ու մարզիչները։