ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԵՐՄԻՆԷ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ ՇԻՐՄԻՆ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի եր­բեմ­նի տնօ­րէ­նու­հի Հեր­մի­նէ Գա­լուս­տեան, որ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն վա­րած է նաեւ Կա­լա­թա­սա­րա­յի վար­ժա­րա­նին մէջ, ե­րէկ ո­գեկո­չուե­ցաւ իր խումբ մը սա­նե­րու այ­ցե­լու­թեամբ։ Այս­պէս, Կա­լա­թա­սա­րա­յի վար­ժա­րա­նի 1958-ի շրջա­նա­ւարտ­ներ՝ նախ­կին դես­պան Էօզ­տէմ Սան­պերք, Տքթ. Տո­ղան Սա­րը­պէ­յօղ­լու, Ճե­լալ Ա­չար, Ֆա­րուք Ալ­թըն­պա­շաք, Գրի­գոր Տէօ­շէ­մէ­ճեան, ինչ­պէս նաեւ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան, նա­խակրթու­թեան բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ, սա­նուց միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան եւ Ա­նի Տրա­մէ­րեան այ­ցե­լե­ցին Հեր­մի­նէ Գա­լուս­տեա­նի շի­րի­մը՝ մա­տու­ցե­լու ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը ա­նուա­նի ման­կա­վար­ժին ու հան­րա­յին գոր­ծի­չին։ Ի­րենց կ՚ու­ղեկ­ցէր գե­րեզ­մա­նա­տան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Նու­պար Կիւ­զէլ­տեւ­լէ­թեան, որ Հեր­մի­նէ Գա­լուս­տեա­նի եղ­բօր թոռ­նիկն է։ Ա­նոնք շրջայց մը կա­տա­րե­ցին նաեւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, զրու­ցե­ցին հոն գտնուող ա­րուես­տա­գէտ Է­րօլ Սա­րա­ֆեա­նին հետ, որ պատ­րաս­տողն է Հեր­մի­նէ Գա­լուս­տեա­նի շիր­մին վրայ տե­ղադ­րուած կի­սանդ­րիին։ Այ­ցե­լու­նե­րը հիւ­րա­սի­րուե­ցան գե­րեզ­մա­նա­տան գրա­սե­նեա­կին մէջ, ճա­շա­կե­լով Գա­լուս­տեա­նի հոգ­ւոյն հա­մար պատ­րաս-տըւած հրու­շա­կը։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2015