ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ. «ՍԱ ՏԱԳՆԱՊ ՄԸ ՉԷ»

Պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան երէկ անակնկալօրէն յետաձգման կապակցութեամբ շօշափեցինք Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կարծիքը։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ տեղապահի ընտրութեան յետաձգումը թէեւ անակնկալ մըն է, սակայն սա ընդհանուր առմամբ չի նշանակեր, որ տագնապ մը ծագած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ։ Ատենապետ Շիրինօղլու ըսաւ.

«Թէեւ ինծի պաշտօնապէս ոչինչ հաղորդուած է, սակայն կրնամ ձեզի հետ բաժնել իմ դիտարկումներն ու ենթադրութիւնները։ Արդարեւ, ըստ երեւոյթին, մօտաւոր անցեալին Իսթանպուլի մէջ որոշ ժամանակ առանց պետական հաւանութեան որպէս տեղապահ պաշտօնավարած Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի վեր-ջին յայտարարութիւնները որոշ անհանգստութիւն յառաջացուցած են պաշտօնական շրջանակներէ ներս։ Սրբազան հայրը մամուլի միջոցաւ ալ հրապարակաւ արտայայտած է կարգ մը յաւակնութիւններ եւ փորձած է հանրութիւնը համոզել, թէ իբր հիմքեր ունի վերադառնալու տեղապահի պաշտօնին։ Հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումով՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ ամէն ինչ սկսած է նորովի։ Յաչս պետութեան ալ կացութիւնը այսպէս է։ Իմ կարծիքը այն է, որ սոյն հանգամանքներէն բխած որոշ անհանգստութիւններ պատճառ դարձած են Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ երէկ Պատրիարքարան ուղարկուած անակնկալ պաշտօնագրին, որով կը պահանջուի տեղապահի ընտրութեան մէկ շաբաթով յետաձգումը։

Պաշտօնական մարմինները միշտ կ՚երաշխաւորեն մեր իրաւունքները եւ աւանդական ձեւով նոր պատրիարք մը ընտրելու հեռանկարը։ Մեր համայնքն ալ այնպիսի գործելաոճ մը պէտք է որդեգրէ, որ առանց զիջելու իր իրաւունքներէն, առանց մեր աւանդութիւնները վտանգելու պէտք է հաշուի առնէ նաեւ պետութեան զգայնութիւնները։ Տեղապահի ընտրութեան հարցին շուրջ պատկան իշխանութիւններուն եւ Պատրիարքական Աթոռին միջեւ անխուսափելիօրէն պաշտօնական գրութիւններու փոխանակումներ պէտք է եղած ըլլան։ Պետութիւնը այս փուլին յստակ կ՚արձանագրէ, որ տեղապահի թեկնածու կրնան ըլլալ միայն Պատրիարքական Աթոռի այն երկու սրբազանները, որոնք այս պահուն կը գործեն, կը ծառայեն մեր քաղաքին, մեր երկրին մէջ։

Իմ ենթադրութիւնով, այստեղ ուրիշ հանգամանք մըն ալ դեր խաղացած կրնայ ըլլալ։ Պաշտօնական մարմինները հաշուի կ՚առնեն այն բոլոր հանգամանքները, որոնք խնդրայարոյց դարձած էին 2017 թուականի մարտին կատարուած տեղապահի ընտրութեան ժամանակ։ Ինչպէս պիտի յիշէք, այդ փուլին տեղապահի ընտրութիւն մը կատարուած էր առանց պետութեան հետ համաձայնեցնելու, առանց պատկան իշխանութիւններուն հետ գործընթացը համակարգելու։ Ուստի, այս փուլին նախազգուշական ամէն միջոց ձեռք կ՚առնուի, որպէսզի այդ կապը ըլլայ կատարեալ ու երաշխաւորուած։ Մօտաւոր անցեալի սխալներու կրկնութիւնը կանխելու առաջադրութեամբ ժամանակ շահելու ուղղեալ քայլ մը առած կրնան ըլլալ իշխանութիւնները։ Բնականաբար, կը կրկնեմ, այս բոլորը իմ ենթադրութիւններն են։ Բայց եւ այնպէս, հաշուի պէտք է առնենք, որ կուսակալութեան պաշտօնագիրը երէկ բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը կողմէ անձամբ տարուած է Պատրիարքարան։ Իմ կարծիքով, այս հանգամանքը կը հաստատէ իմ տպաւորութիւնը։

Ես վստահ եմ, թէ մեր հոգեւորականաց դասը ամենայն պատասխանատուութեամբ, հեռատեսութեամբ ու միասնականութեան ոգիով պիտի իրականացնէ տեղապահի ընտրութիւնը։ Ընդհանրապէս պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յաջողութեամբ ի կատար ածելու համար մեր համայնքը ունի անհրաժեշտ նախապայման մը։ Պէտք է առաւելագոյն մակարդակի հասցնենք մեր ներքին համերաշխութիւնը, զօրակցութիւնը, ինչ որ հաւաքական յաջողութեան հիմնական գրաւականը կը համարուի։

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019