ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՎՐԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ Կ՚ԱՇԽՈՒԺԱՆԱՅ

Գնալը կղզիի մէջ այս ամրան եւս կեանքը աստիճանաբար կ՚աշխուժանայ։ Որքան որ ալ այս տարի Կազդուրման կայանը պիտի չբանայ իր դռները՝ համայնքային կեանքի սիրտը կը տրոփէ Գնալը կղզիի մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին ալ յարաբերաբար աւելի մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան։ Ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած Կղզեաց թաղային խորհուրդն ալ հետզհետէ կ՚աշխուժացնէ իր աշխատանքները՝ յառաջիկայ ամրան շրջանին արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու համար։

Շաբաթավերջի Ս. Պատարագին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ Գնալըի թաղային խորհուրդին, մաղթեց յաջողութիւններ, նաեւ կարողութիւն մաղթեց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին։

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023