ՊԱՅՐԱՄԻ ՕՐԵՐՈՒՆ ԴԱԴԱՐ

Իսլամական աշխարհի Քուրպանի տօնին առթիւ Թուրքիա արդէն մտած է արձակուրդի։ Իննօրեայ պաշտօնական արձակուրդի պայմաններուն ներքեւ թրքահայ համայնքային կեանքն ալ կանգ առած է գրեթէ ամբողջութեամբ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս եւս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի յաջորդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ 3 յուլիս 2023, երկուշաբթի։

Մինչ այդ, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր մահմետական հարեւաններուն տօնը՝ մաղթելով, որ ան բարեբեր ըլլայ մեր երկրին համար։

Երեքշաբթի, Յունիս 27, 2023