ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Սամաթիոյ ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի պարտէզին մէջ երկու փուլերէ բաղկացեալ հրաժեշտի ծրագիր մը նախատեսուած էր տղոց համար։ Առաջին փուլին արդէն վկայականներու բաշխման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, իսկ երկրորդ փուլին անոնց ի պատիւ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը։
Վկայականներու բաշխման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Սամաթիոյ ընտանիքին վարիչները։ Դպրոցի պարտէզին մէջ զանազան պատասխանատուներ եւ շրջանաւարտներու ներկայացուցիչներ հանդէս եկան ելոյթներով։ Ծափահարութիւններու ներքեւ յանձնուեցան վկայականները՝ մինչ յաջողագոյն շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած էին յուշանուէրներ։ Յայտագրի գործադրութիւնն ալ անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Այս տարուան շրջանաւարտութեան հանդէսը ունէր նաեւ յուզումնախառն երեսակ մը։ Արդարեւ, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մխճըօղլու արդէն որոշած է հանգստեան կոչուիլ։ Ան շուրջ քառորդ դարուան ծառայութիւնը բաւ համարած է եւ Սամաթիոյ ընտանիքը ներկայիս իրեն հրաժեշտ կու տայ՝ երախտագիտութեամբ յիշելով անոր կողմէ մատուցուած բազմակողմանի ծառայութիւնները։ Այս առթիւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեան եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արէտ Քարապուլութ յուշապնակ մը յանձնեցին Պելինտա Մխճըօղլուին, որ երկար տարիներ անձնուրաց ծառայութիւն մատուցեց դպրոցին համար։
Շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած բացօթեայ ընթրիքն ալ նոյնպէս մեծ խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Այսպէսով Սամաթիոյ ընտանիքը բարեմաղթութիւններով հրաժեշտ տուաւ վարժարանի միջնակարգի բաժնի հունձքին՝ ակնկալելով, որ տղաքը կը շարունակեն իրենց կրթական կեանքին տեւողութեան արձանագրել յաջողութիւններ։