ԷՍԱԵԱՆՑԻ ԱՐԻՍ ՆՇԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երիտասարդներէն Արիս Նշան փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է համալսարանի մտից քննութիւններուն մէջ։ Ան Էսաեան վարժարանի յաջողագոյն աշակերտներէն մին եղած է եւ ինքզինք արդարացուցած է նաեւ համալսարանի մտից քննութիւններուն, որոնք բոլոր երիտասարդներուն տեսակէտէ ճակատագրական փուլ մը, բեկումնային պահ մը կը համարուին։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ այս տարի համալսարանի մտից քննութիւնները տեղի ունեցան արտասովոր պայմաններու ներքեւ։ Երկրորդ եռամսեայի ընդհատուած դասաւանդութիւնները, հեռավար ուսուցման համակերպելու դժուարութիւնները եւ բուն քննութիւններու օրուան հոգեբանութիւնը 2020 թուականի պարագան դարձուցած էին արտասովոր։ Այս բոլորով հանդերձ, ուրախառիթ է, որ մեր համայնքէն երիտասարդ մը, համայնքային վարժարանի սան մը յաջողած է յաւակնոտ արդիւնքի մը հասնիլ՝ յաղթահարելով բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։
Համալսարանի մտից քննութիւնները Թուրքիոյ մէջ կ՚ենթադրեն մեծ ու բարդ մրցակցութիւն մը, որոնց աստիճանը տարիէ տարի կը բարձրանայ։ Այս բոլորով հանդերձ, Արիս Նշան յաջողած է միլիոնաւորներու շարքին հանդիսանալ Թուրքիոյ 730-րդը։ Քննութեան ընթացքին ան կատարեալ ձեւով պատասխանած է ուսողութեան եւ գիտութեան 40-ական հարցումներուն։ Այս ճիւղերուն մէջ ան անսխալ պատասխանած է բոլոր հարցումներուն, ինչ որ իր յաջողութեան գրաւականը կը համարուի։
Թէեւ տակաւին յայտնի չէ, թէ Արիս Նշան ո՞ր համալսարանին մէջ պիտի շարունակէ իր բարձրագոյն ուսումը, սակայն այժմէն պարզ է, որ ան պիտի կարողանայ իր նախընտրած հիմնական համալսարաններէն մին մուտք գործել։
Սա պատուաբեր յաջողութիւն մըն է մեր համայնքին տեսակէտէ եւ Արիս Նշանի նուաճումը մեծ ուրախութիւն պատճառած է նաեւ Էսաեան վարժարանի ընտանիքին։ Յառաջիկայ օրերուն վերջնականօրէն յայտնի պիտի դառնայ, թէ Արիս Նշան ո՛ր համալսարանին մէջ ի՛նչ ճիւղի պիտի հետեւի։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արիս Նշանը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ՝ իր ուսումնական յառաջիկայ ճանապարհին։ Կը շնորհաւորենք նաեւ իր ծնողքը՝ Էօզճան եւ Մարգրիտ Նշան ամոլը եւ Էսաեան վարժարանի ընտանիքը։