ՂԱԶԱՐՈՍ ՈՒՆԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ո­րո­շած է պար­գե­ւատ­րել Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու Իս­թան­պու­լի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի սիւ­նե­րէն Ղա­զա­րոս Ու­նա­նը, որ եր­կար տա­րի­ներ բե­ղուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է նաեւ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէին։ Ղա­զա­րոս Ու­նան մեր մար­զա­կան աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րէն մին է եւ թրքա­հայ հա­մայն­քէն ներս ա­կումբ­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան փոր­ձա­ռու­թեամբ բե­րած է նաեւ իր նպաս­տը Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն հա­մար։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ ա­հա այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ ո­րո­շած է պարգե­ւատ­րել Ղա­զա­րոս Ու­նա­նը՝ ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար անոր վաս­տակն ու նուի­րեալ աշ­խա­տան­քը։

Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու Իս­թան­պու­լի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս շա­բա­թա­վեր­ջին Գնա­լը կղզիի մէջ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ի պա­տիւ Ղա­զա­րոս Ու­նա­նի։ Այս ճաշ­կե­րոյ­թին ըն­թաց­քին ի­րեն հան­դի­սա­ւո­րա­պէս պիտի յանձ­նուի Սերժ Սարգ­սեա­նին կող­մէ տրուած պար­գե­ւը։ Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը վեր­ջին փու­լին հաս­ցու­ցած է նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը՝ որ­պէս­զի Ղա­զա­րոս Ու­նան մե­ծա­րուի պատ­շաճ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2015