ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տօնական օր մը ապրուեցաւ՝ Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան 161-րդ եւ վերակազմութեան 36-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ մը ստեղծուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Թադէոս Վրդ. Զիրէքեանց, որ նախկին թրքահայ ընտանիքի մը որդին է։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արթուն Թեքիրօղլու, Ռոպէր Քիւչիւքաքպուլութ, Եղիա Չալըշըր, Սայաթ Չընար, Լեւոն Գույումճեան եւ Գանատայէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Կարպիս Չիչէք սարկաւագները։ Երգեցողութիւնները Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ կատարուեցան՝ Հրանդ Չիզմեճեանի ղեկավարութեամբ եւ Սիրուն Սիրունեանի երգեհոնահարութեամբ։ Ի ժամ Ս. Պատարագի քարոզի պահուն Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան ներկայ հաւատացեալներուն ծանօթացուց պատարագիչ հայր սուրբը, որ խօսեցաւ քարոզ մը։ Տ. Թադէոս Վրդ. Զիրէքեանց նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, որու տնօրինութեամբ ունեցած էր Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագելու հնարաւորութիւնը։ Հայր սուրբը քարոզի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ դպրաց դասու կրկնակ տարեդարձներուն եւ յղեց շնորհաւորութիւններ։

Ս. Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Ներսէսեան դպրաց դասու հոգելոյս հիմնադիրները, անդամները, դպրապետները, երաժշտապետները եւ սատարողները։

Կրօնական արարողութիւններու աւարտին սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ներկայ էին Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Թադէոս Վրդ. Զիրէքեանց, որոնց միացաւ նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Ներսէսեան դպրաց դասու տնօրէն խորհուրդի ատենապետուհի Մեղանոյշ Չընար եւ իր գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հաւաքոյթի բոլոր մասնակիցները։ Տնօրէն խորհուրդի տարեկան տեղեկագիրը ներկայացուց Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու։ Կղզեաց թաղային խորհուրդի անունով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Առնօ Հիլքաթ։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ մեներգեցին Երազ Չաղլայեան եւ Էլլա Ենոքեան, որոնց նուագակցեցաւ Հրանդ Չիզմեճեան։ Ներսէսեան դպրաց դասու սիւներէն Նազիկ Ճաւաք եւ Էլիզ Ալպոյաճը հանդէս եկան փոխանցելով անցեալէն յուշեր, մինչ դպրաց դասու մանկապատանեկան կազմն ալ ներկայացուց երգեր։ Հանդիսութեան աւարտին արտայայտուեցան երկու հայր սուրբեր։ Նախ խօսեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ այս տարի կղզիներու մէջ երիտասարդական ու մանկապատանեկան գործունէութիւնները կը համակարգէ։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան այս առթիւ նշեց, որ Գնալը կղզին մեր համայնքային կեանքէն ներս ունի կեդրոնական դիրք մը։ Ան բացատրեց, որ 30-35 տարի առաջ Ներսէսեան դպրաց դասը վերակազմուեցաւ եւ այդ վերակազմութենէն տասնամեակներ անց այսօր արդէն դպրաց դասու գործունէութիւնները յառաջ կը տարուին վերակազմողներու յաջորդներուն, զաւակներուն կողմէ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, որ եւս փոխանցեց անցեալէն յուշեր՝ քանի որ ինքն ալ ականատեսն ու մասնակիցը եղած էր դպրաց դասու վերակազմութեան շրջանին։ Հայր սուրբը շեշտեց, որ մեր եկեղեցական աւանդութիւններու փոխանցման եւ ընդհանրապէս եկեղեցական կեանքի կենսունակութեան երաշխաւորման տեսակէտէ ճակատագրական դերակատարութիւն մը կը կատարեն պոլսահայ դպրաց դաս երգչախումբերը։ Ան շեշտեց, որ անցեալին եղած են լաւ ձեռքբերումներ, եղած են ընդհանրապէս լաւ բաներ, սակայն այսօր ալ մեր հաւաքական կեանքին մէջ կան դրական, ողջունելի ու լաւ երեւոյթներ։

Տարեդարձի հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով։

Այսպէսով Ներսէսեան դպրաց դասու կրկնակ տարեդարձներու աւանդական հանդիսութիւնները հասան իրենց աւարտին։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձը կղզիի վրայ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան՝ համախմբելով հոծ թիւով եկեղեցասէրներ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018