ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը արդէն կեդրոնացած է այս շաբաթավերջին նախատեսուած Սամաթիոյ տարեկան սիրոյ սեղանին վրայ։ 2017-2018 շրջանի մատաղօրհնութիւնները կը բացուին այս շաբաթավերջին Սամաթիոյ մէջ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած աւանդական հանգանակութիւնով։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն պիտի հանդիսապետէ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ անդամներէն Հերման Գավաֆեան մատաղօրհնութեան ընդառաջ երէկ այցելեցին խմբագրատունս։ Հաճոյքն ունեցանք հիւրընկալելու թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ անոնց հետ հետաքրքրական զրոյց ունեցանք Սամաթիոյ ընտանիքի ներկայ կացութեան շուրջ։ Հիւրերը մեզի բացատրեցին, որ Սամաթիա կը շարունակէ սնուիլ իր հարուստ աւանդութիւններու ուժէն, համայնքային շրջանակները անվերապահ զօրակցութեան պատրաստակամութեան մէջ են, սակայն այդ բոլորով հանդերձ ծանր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւուին, որովհետեւ նիւթական կարիքները անհամեմատօրէն աւելցած են այս շրջանին։ Թէ՛ դպրոցի գործունէութիւնը կատարելագործելու ձգտումը եւ թէ արդի կրթական համակարգի պահանջները բաւարարելու ճանապարհին յառաջացած խնդիրները այս շրջանին Սամաթիոյ կարիքները կը բազմապատկեն եւ թաղային խորհուրդի ուսերուն վրայ կը դնեն անհամեմատօրէն ծանր բեռ մը։ Ատենապետ Եսայի Տեմիր երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ դպրոցը այս տարի թէ՛ լիսէի եւ թէ նախակրթարանի մակարդակներուն վրայ նոր տնօրէնուհիներով կը շարունակէ առաքելութիւնը եւ սա նոր փուլ մը կը համարուի Սահակեան-Նունեան վարժարանի գործունէութեան մէջ։ Մեր զրոյցին ընթացքին ատենապետ Եսայի Տեմիր շեշտեց նաեւ, որ համայնքային շրջանակներու աջակցութիւնը իրենց հիմնական յենարանը կը նկատեն՝ որպէսզի կարողանան երաշխաւորել Սահակեան-Նունեան վարժարանի ապագայ գործունէութիւնը։ Աւելորդ է ըսել, որ Սամաթիան թէ՛ իր պատմական ճոխ հարստութիւններով եւ թէ վարժարանի ներկայ աշակերտական ներուժով մեր համայնքային կեանքի առանցքներէն մին է։ Ամէն տարի մատաղօրհնութիւններու շրջանը կը բացուի Սամաթիոյ մէջ եւ ձեւով մը այնտեղ ապահովուած արդիւնքով բարոյահոգեբանական տեսակէտէ կը պայմանաւորուի եղանակի շարունակութեան արդիւնքը, շարունակութեան արդիւնաւէտութիւնը։ Այդ իմաստով սամաթիացիները տարբեր պատասխանատուութիւնով մը, ընդհանրական պատրաստակամութիւնով ձեռնամուխ կ՚ըլլան մատաղօրհնութեան կազմակերպման։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները շեշտեցին, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, իրենք վճռակամ տրամադրուած են, որպէսզի յաղթահարեն այս փուլի ծանր դժուարութիւնները եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանը նախանձելի դիրքի մը վրայ շարունակէ իր գործունէութիւնը։