ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒՍՏՐԻԱՅԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Վիեննայի համալսարանի 32 աստուածաբան ուսանողները՝ գլխաւորութեամբ Ծիսագիտութեան Աստուածաբանական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ֆոյլնէրի։ Խումբին մաս կը կազմէր նաեւ «Փրօ Օրիէնթէ» կազմակերպութեան փոխ-նախագահ Ռուտոլֆ Պրոկշին Քահանան։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Այսպէս, Փրոֆ. Ֆոյլնէր յայտնեց, թէ իր գլխաւորած խումբը հետաքրքրուած է Պատրիարքարանի պատմութեամբ եւ առաքելութեամբ, նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց ներկայ վիճակով։ Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաներու հարցումներուն պատասխանեց՝ փոխանցելով սպառիչ տեղեկութիւններ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, թէ միջեկեղեցական առողջ յարաբերութիւններ կը մշակուին եւ այդ յարաբերութեանց որպէս պտուղ գրի առնուած եւ հրատարակուած է «Քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքները» գիրքը, որ թարգմանուած է անգլերէնի եւ հայերէնի։ Ներկաներուն բաժնուեցաւ սոյն գրքի անգլերէն օրինակները։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ բարի ճանապարհ մաղթեց իրենց ուխտագնացութեան առթիւ։ Ապա խումբը Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ այցելեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին, ուր կատարեց իր ուխտի աղօթքը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2023