ԻՍԿԷՆՏԷՐ ՇԱՀԻՆԿԷՕԶ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՑ ԿԻՐԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԷՃԸ
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Կիրակի, Ֆէրիգիւղի սիրոյ սեղանի եզրափակիչ փուլին ապրուած վէճը՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզի միջեւ։ Նկատի ունենալով հարցին այժմէական բնոյթը՝ երէկ համայնքային վարիչները հետաքրքրուեցան այս նիւթին վերաբերեալ Իսկէնտէր Շահինկէօզի մօտեցումներով։ Իբր այդ, ան հանդէս եկաւ շարք մը մեկնաբանութիւններով։
Շահինկէօզ նախ ցաւ յայտնեց, թէ Ֆէրիգիւղի մէջ ապրուած էր այսպիսի իրադարձութիւն մը եւ ընդգծեց տեղւոյն թաղային խորհուրդին նկատմամբ իր անկեղծ տրամադրութիւնը։ Աւելի վերջ ան մեծ վրդովմունքով փոխադարձեց Օրթագիւղի ընտանիքին վերագրուած պնդումներուն, ըստ որոնց Թարգմանչաց վարժարանը աշակերտ կը գողնայ ուրիշ թաղերէ։ Տարիներէ ի վեր այս խօսքերը Օրթագիւղի ընտանիքին յուզում կը պատճառեն, բայց եւ այնպէս Իսկէնտէր Շահինկէօզի տեսակէտէ շատ ցաւալի եղած է մանաւանդ Կիրակի օրուան քարոզին ընթացքին, խորանին վրայէն Արամ Սրբազանի բերնէն նման արտայայտութիւններուն հնչելը։ Սրբազանը ակնարկած է լողաւազան կառուցած վարժարանի մը, իսկ այդ ակնարկութիւնը չի կրնար Օրթագիւղէն զատ հասցէ մը ունենալ։
«Մեզի հարց կու տայ, թէ մեր հօ՞ր գումարները կը ծախսենք։ Բնականաբար ոչ, սակայն ինք որպէս մեր հայրը կը խանգարէ մեր եռանդը։ Մենք այս համայնքին մէջ ոեւէ մէկուն կողմէ չենք արդարացուիր, որովհետեւ սկսած են մեզ վանել։ Իսկ այս անգամ մեզ կը վանէ այն անձը, որ իրականութեան մէջ պէտք է միացնէ այս համայնքը։ Ես ալ կ՚ընդունիմ, որ մեր վարժարանները կ՚ապրին արիւնահեղութիւն մը, սակայն Օրթագիւղի վարժարանը անվճար չէ բոլորին համար։ Մենք նուիրատուութիւններ կը ստանանք այն ծնողներէն, որոնք ունին կարողութիւն։ Մեր տեսանկիւնէն վիրաւորական դառնալ սկսած է Օրթագիւղի վարժարանի ձրի ըլլալուն վերաբերեալ խօսակցութիւնները։ Կ՚ըսուի, թէ մեր դպրոցը ծնողներուն կողմէ կը նախընտրուի անվճար ըլլալուն համար։ Իսկ եթէ վարժարանը որոշ որակ մը չունենայ, ապա ծնող մը իր զաւակը կը վտանգէ՞ այնտեղ ուղարկելով՝ զուտ վճարումէ մը խուսափելու մտադրութեամբ։ Սրբազանը իրաւունք չունի համայնքին առջեւ այսպէս վարկաբեկելու հաստատութիւն մը։ Քեզի թող մնայ քու բաժնելիք արդարութիւնդ։ Ցայսօր 2 միլիոն 450 հազար լիրա բաժնած ենք մեր համայնքին։ Արդեօք ինք կը գիտակցի՞ համայնքին առջեւ ունեցած պատասխանատուութիւնը։ Օրթագիւղի պարագային բարդոյթաւորուած մթնոլորտ մը կը հրահրուի այս համայնքէն ներս։ Սրբազանը ի՞նչ շահեցաւ այնտեղ զիս վարկաբեկելով։ Զիրար վանելով ի՞նչ հարց պիտի լուծենք։ Կրկնակի չափանիշները այս համայնքէն ներս կը կանխեն միասնականութիւնը։ Օրթագիւղի շինարարութենէն վերջ յարկաբաժին մը յատակցուցինք Պատրիարքարանին։ Ի՞նչ ըրին մինչեւ այսօր այդ տեղը։ Ոչինչ. բարձիթողի վիճակի մէջ է, լրիւ անարդիւնաւէտ։ Չեն արժեւորած եւ այդպէսով համայնքը կը զրկեն հասոյթէն։ Յետոյ ալ կու գան մեզ կ՚ամբաստանեն աշակերտ գողնալով», ըսաւ Իսկէնտէր Շահինկէօզ։
Ժողովականներէն ոմանք փորձեցին Իսկէնտէր Շահինկէօզը համոզել, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ակնարկութիւնները որեւէ յստակ հասցէ չունէին, մանաւանդ որ ան բացարձակապէս խուսափած էր անուններ արտասանելէ։ Իր կարգին, Յարութիւն Շանլըն ալ մատնանշեց, թէ Ֆէրիգիւղի սիրոյ սեղանին ընթացքին Իսկէնտէր Շահինկէօզի պոռթկումին բո՛ւն պատճառը եղած էր ո՛չ թէ վարժարանին վերաբերեալ ակնարկութիւնները, այլ՝ երաժշտապետի խնդիրը։