ԾԱՆՐԱԲԵՌՆՈՒԱԾ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը (VADİP) ե­րէկ ե­րե­կո­յեան 2015-2016 շրջա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վը գու­մա­րեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ։ VADİP-ի այս շրջա­նի ա­ռա­ջին նիս­տին ժա­մա­նակ ծա­ւա­լուած խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ար­դէն ե­կան հեր­թա­կան ան­գամ ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ որ­քան լուրջ ու բարդ խնդիր­նե­րով ծան­րա­բեռ­նուած է մեր հա­մայն­քին օ­րա­կար­գը։ Նիս­տը գլխա­ւո­րեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, որ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ բաց­ման հանգ­րուա­նին։ Շի­րի­նօղ­լու նոր շրջա­նի մը սե­մին բա­րե­մաղ­թանք­ներ յղեց հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րուն ու կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գիով յա­ռաջ տա­րուին բո­լոր գոր­ծե­րը։ Երկ­րի քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու լոյ­սին տակ, մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին ձե­ւա­ւո­րուե­լիք հա­ւա­նա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­ներն ալ ա­նու­շադ­րու­թեան չմատ­նե­լով՝ Պե­տրոս Շի­րի­նօղ­լու դի­տել տուաւ, թէ պե­տու­թեան հետ շփում­նե­րու պա­րա­գա­յին պէտք է գե­րա­դա­սել հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը եւ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ի­րար­մէ ան­տե­ղեակ ձե­ւով պէտք չէ շփման մէջ անց­նին պե­տա­կան մար­մին­նե­րու հետ։ Այդ բո­լո­րը պէտք է ըլ­լայ հա­մա­կար­գուած, որ­պէս­զի ծա­ռա­յէ նպա­տա­կի մը։ Ան կա­րե­ւոր հա­մա­րեց նաեւ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն ի նպաստ կա­տա­րուած պե­տա­կան օ­ժան­դա­կու­թե­նէն վերջ ստեղ­ծուած պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, նոր խնդիր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու ժա­մա­նակ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն հնչե­ցուած տե­սա­կէտ­նե­րը չստեղ­ծեն գան­գա­տի տպա­ւո­րու­թիւն մը, ո­րով­հե­տեւ սա մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ կրնայ ստեղ­ծել ռիս­քեր ու մեր հա­մայն­քը կրնայ զրկուիլ լուրջ ե­կա­մու­տէ մը։

Շի­րի­նօղ­լու մատ­նան­շեց, թէ ան­ցեալ տա­րուան տուեալ­նե­րով մեր հա­մայն­քէն ներս տե­ղի ու­նե­ցած է 253 մկրտու­թիւն եւ 569 յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն։ «Մենք թէեւ բնակ­չու­թիւ­նը նուա­զող, սա­կայն մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու տէր հա­մայնք մըն ենք։ Ան­տար­բեր չըլ­լանք մեր հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ։ Ա­ռա­ւե­լա­գոյն ար­դիւ­նա­ւո­րենք մեր կա­լուած­նե­րը։ Այ­սօր նոյ­նիսկ մեր ա­մե­նա­հա­յա­հոծ թա­ղին՝ Ֆէ­րի­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նին մէջ հա­զիւ թէ 170 ա­շա­կերտ կ՚ու­սա­նի։ Այս ըն­թաց­քով ան­խու­սա­փե­լի պի­տի դառ­նայ մեր շարք մը վար­ժա­րան­նե­րուն միա­ցու­մը։ Օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար նշեմ, որ իմ հա­մոզ­մամբ՝ Ֆէ­րի­գիւ­ղի վար­ժա­րանն ու Կեդ­րո­նա­կա­նը կրնան միա­նալ։ Հա­կա­ռակ իր շատ նեղ պայ­ման­նե­րուն, Ֆէ­րի­գիւղ այս վեր­ջին շրջա­նին կա­ռու­ցած է չորս նոր շէնք, սա­կայն Պէ­յօղ­լուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի տնօ­րին­ման յանձ­նուած մեր կա­լուած­նե­րուն վի­ճա­կը յայտ­նի է։ Թող ոե­ւէ մէ­կը չսրտնե­ղի, բայց Թոփ­գա­բուի վար­ժա­րա­նի պա­րա­գա­յին ալ ի զուր ջան­քեր գոր­ծադ­րուած են, հա­մայն­քի մի­լիոն­նե­րը մսխուած են։ Մենք կը ծախ­սենք այս հա­մայն­քին գու­մար­նե­րը, մենք այդ դրամ­նե­րուն պա­հակն ենք։ Առ­կայ ըն­թաց­քով հա­մայն­քը լրջօ­րէն կը մա­շի։ Մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս առ­կայ է լուրջ պա­ռակ­տում մը, ե­թէ չհա­մախմ­բուինք, չկազ­մա­կեր­պուինք, ա­պա բո­լո­րը պի­տի ջլա­տուին ու մեր հա­մայն­քը աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի հա­լի», ը­սաւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու նոր շրջա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վին բա­ցա­յայ­տօ­րէն անդ­րա­դառ­նա­լով հա­մայն­քի առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։

Հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու տնտե­սա­կան լուրջ խնդիր­նե­րուն վրայ ծան­րա­նա­լով Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու բա­ցատ­րեց, որ ութ տա­րի ա­ռաջ մեր վար­ժա­րան­նե­րու պիւտ­ճէի ընդ­հա­նուր բա­ցը 8 մի­լիոն լի­րա­յի մա­կար­դա­կին էր։ Ան­ցեալ տա­րի Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ընդ­հա­նուր առ­մամբ 8 մի­լիոն լի­րա օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րուե­ցաւ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն ի նպաստ, սա­կայն բա­ցի այդ ստա­ցուած օ­ժան­դա­կու­թե­նէն, այ­սօր դպրոց­նե­րու պիւտ­ճէ­նե­րուն ընդ­հա­նուր բա­ցը հա­սած է 15 մի­լիոն լի­րա­յի մա­կար­դա­կին։ «Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի 23 մի­լիոն լի­րա­յի մա­կար­դա­կով գու­մա­րի մը։ Այ­սինքն, պէտք է գիտ­նանք մեր հա­շի­ւը», ը­սաւ Շի­րի­նօղ­լու եւ ընդգ­ծեց, թէ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ա­նոնց վա­րիչ­նե­րը պէտք է ա­ռաջ­նոր­դուին ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան սկզբուն­քով։ Ան մեկ­նա­բա­նեց նաեւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ըն­թաց­քին ապ­րուած վէ­ճը ու նշեց, թէ սխալ կը հա­մա­րէ նման ցա­ւա­լի պա­տա­հար­նե­րը։ «Սի­րոյ սե­ղան­նե­րուն շուրջ պէտք է պահ­պա­նենք մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը ու պէտք է խու­սա­փինք կռիւ­նե­րէ», յայտ­նեց Շի­րի­նօղ­լու։

Իր ե­լոյ­թին մէջ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու կանգ ա­ռաւ նաեւ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցին վրայ։ Ան խօ­սե­ցաւ թէ՛ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու եւ թէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդրին շուրջ՝ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն հետ բաժ­նե­լով վեր­ջին լսում­նե­րուն լոյ­սին տակ ու­նե­ցած տպա­ւո­րու­թիւ­նը։ Գործ­նա­կան հան­գա­մանք­ներն ալ հա­շուի առ­նե­լով, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու իր կան­խա­տե­սում­նե­րով մեր մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու կազ­մե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման հա­մար ընտ­րու­թիւն­նե­րը հա­ւա­նա­բար տե­ղի ու­նե­նան 2017 թուա­կա­նի Մա­յի­սին։ Իսկ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան պա­րա­գա­յին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կան­խա­տե­սում­նե­րը ա­ւե­լի պղտոր էին, ո­րով­հե­տեւ ան յայտ­նեց, թէ նախ­քան Տ. Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեա­նի վախ­ճա­նու­մը, դժուար թէ կա­րե­լի ըլ­լայ ի­րա­կա­նաց­նել նոր պատ­րիար­քի մը ընտ­րու­թիւ­նը։ Հե­տե­ւա­բար, ան ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն յոր­դո­րեց նաեւ ան­ցու­մա­յին այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ հնա­րա­ւո­րինս չմա­շեց­նել Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նը։

Քա­նիցս կրկնե­լով հա­մայն­քա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու նպա­տա­կաս­լաց եւ ար­դիւ­նա­ւէտ ար­ժե­ւոր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ Շի­րի­նօղ­լու դի­տել տուաւ նաեւ, որ իր ա­տե­նա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն ալ բազ­մա­թիւ կա­լուած­ներ կտա­կուած են Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին։ Ա­տե­նա­պե­տը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց այդ բո­լո­րի կա­լուա­ծա­թուղ­թե­րուն, բո­լոր ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն եւ յա­րա­կից փաս­տա­թուղ­թե­րուն կա­տա­րեալ ցու­ցակ­նե­րու եւ թղթած­րար­նե­րու պահ­պա­նու­մը։

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան բազ­մաբ­նոյթ հար­ցեր։ Հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը զի­րար տե­ղեակ պա­հե­ցին զա­նա­զան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու եւ վար­չա­կան նո­րու­թիւն­նե­րու շուրջ։ Ներ­կայ էին նաեւ VADİP-ի Կրթա­կան յանձ­նա­խում­բի հա­մա­կար­գող Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու եւ Ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բի հա­մա­կար­գող Մա­սիս Եոն­թան։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս այս վեր­ջին­նե­րուն ալ մաս­նակ­ցու­թեամբ քննար­կուե­ցաւ թրքա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու տրա­զերծ կար­գա­վի­ճա­կի տե­ւա­կա­նաց­ման ու ա­նոնց պաշ­տօ­նա­պէս մաս­նա­ւոր վար­ժա­րան­նե­րու շար­քին պատ­կա­նե­լով, հա­մա­պա­տաս­խան կա­նո­նադ­րու­թեամբ ղե­կա­վա­րուե­լով հան­դերձ, «տնտե­սա­կան ձեռ­նարկ» հա­մա­րուե­լէ խու­սա­փե­լու վե­րա­բե­րեալ հար­ցը, որ այս շրջա­նին կը նկա­տուի շատ հրա­տապ։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին հա­մայն­քա­յին պա­տուի­րա­կու­թիւն մը այս նիւ­թին շուրջ այ­ցե­լու­թիւն մը տուած է Ելմ­տա­կան նա­խա­րար Մեհ­մէտ Շիմ­շէ­քին։ Առ­կայ գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ ժո­ղո­վին մաս­նա­կից զա­նա­զան հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­ներ ար­տա­յայ­տե­ցին թեր ու դէմ կար­ծիք­ներ։ Հիմ­նա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցուե­ցան Մա­սիս Եոն­թա­նի, VADİP-ի դի­ւա­նի ա­տե­նադ­պիր Յա­րու­թիւն Շան­լըի եւ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վա­րու­ժան Պուլ­կա­նի կող­մէ։ Իր կար­գին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուն ալ յի­շե­ցուց, թէ հար­ցի կա­րե­ւո­րա­գոյն ե­րե­սակ­նե­րէն մին է նաեւ մեր վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան մշակ­նե­րուն յատ­կա­ցուած ամ­սա­թո­շակ­նե­րու ամ­բող­ջու­թեամբ պաշ­տօ­նա­կան վճա­րում­նե­րու ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ընգր­կուի­լը։ Կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­նե­րու ար­դիւն­քին յաչս բո­լո­րին վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ խնդրին լրջու­թիւ­նը, սա­կայն ա­ռայժմ չկայ յստա­կու­թիւն։ Հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը նշե­ցին, թէ մօ­տա­լուտ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դե­լիք մթնո­լոր­տին մէջ եւս կը նա­խա­տե­սուի շարք մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին հետ շփում­ներ, ո­րոնց­մէ վերջ այս նիւ­թը յստա­կու­թեան հու­նի մը մէջ կրնայ զար­գա­նալ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2015