ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի եօթ­նե­րորդ եւ ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը հսկո­ղու­թեամբ ի­րենց հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Նե­տա Պար­սա­մեա­նի եւ ե­րաժշ­տու­թեան ու­սու­ցիչ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րօղ­լուի, այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղադ­րուած Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին յու­շար­ձա­նը։

Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ի­րենց ու­սու­ցի­չը ըն­դար­ձակ տե­ղե­կու­թիւն տուաւ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին կեան­քին եւ գոր­ծե­րուն մա­սին։ Ան նշեց նաեւ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տին մա­հուան օ­րը, որ կը զու­գա­դի­պէր ի­րենց այ­ցե­լու­թեան օ­րուան։

Ա­շա­կերտ­նե­րը Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի ար­ձա­նին առ­ջեւ իր յօ­րի­նած եր­գե­րը եր­գե­լով պան­ծա­ցու­ցին ա­նոր յի­շա­տա­կը։ Ինչպէս նաեւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նի օրհ­նու­թեամբ միա­բե­րան Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթք արտասա­նելով ոգեկոչեցին Մեծն Կոմիտաս Վար­դապետը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016