«ԱՐԱՍ»Ի 30-ԱՄԵԱՅ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 30-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Թրքահայ կեանքին տեսակէտէ շատ կարեւոր եւ յատկանշական տարեդարձ մըն է այս մէկը՝ հաշուի առնելով անցեալ երեք տասնամեակներուն «Արաս»ի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան որակը, տարողութիւնն ու նշանակութիւնը։

Հրատարակչատունը որոշած է այս յոբելեանը նշել՝ Իսթանպուլի գիրքի տօնավաճառի ընթացքին։ Ծանօթ է, որ «Արաս» տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն կը մասնակցի այս տօնավաճառին, որ Թուրքիոյ ընկերամշակութային գլխաւոր իրադարձութիւններու շարքին կը դասուի, անշուշտ, միջազգային մակարդակով։ Տարիներէ ի վեր «Արաս»ի տաղաւարը եզակի պատուհան մը կը հանդիսանայ տօնավաճառի օրերուն՝ միշտ արդարացնելով իր ներկայութիւնը եւ ընթերցասէրներն ու գրասէրները բաւարարելով՝ նորանոր արտադրանքով։

Ուրեմն, այս տարուան տօնավաճառի բացումը, միեւնոյն ժամանակ, կ՚ազդարարէ «Արաս»ի 30-ամեայ յոբելենական շրջանի գագաթնակէտը։ TÜYAP-ի Պէյլիքտիւզիւի ընդարձակ համալիրէն ներս վաղը պիտի սկսի տօնավաճառը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ նոյեմբերի 5-ը։ 7-րդ դահլիճի թիւ 712 տաղաւարին մէջ տեղակայուած պիտի ըլլայ «Արաս» հրատարակչութիւնը, որ ամէն օր գրասէրներուն համար ձեռնարկ մը նախատեսած է։ «Արաս»ի հեղինակները պիտի մակագրեն իրենց գիրքերը ընթերցասէրներու համար՝ յոբելեանով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ «Արաս»ի տաղաւարը պիտի հիւրընկալէ նաեւ զանազան ասուլիսներ։ Համապատասխան ծրագրի բոլոր մանրամասնութիւնները հրապարակուած են հրատարակչատան ընկերային ցանցերու պաշտօնական հաշիւներու վրայ։ Այսպէսով, յոբելենական շրջանը պիտի եզրափակուի փայլուն շուքով։

«Արաս»ի 30-ամեայ ոդիսականը, բնականաբար, բազմակողմանիօրէն պէտք է քննարկել։ Վստահաբար տակաւին կը ներկայանան պատեհ առիթներ։ Յամենայնդէպս, 30-ամեակի մեկնարկին կ՚արժէ երախտագիտութեան առարկայ դարձնել այն բոլոր նուիրեալները՝ մանաւանդ հիմնադիրներն ու խմբագիրները, որոնց մտահորիզոնով «Արաս» հրատարակչութիւնը բոլորած է երեք տասնամեակ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023