ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Երէկ, Գարակէօզեան տան մէջ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը բացուեցաւ համակարգիչի աշխատանոց մը։ Ստեփան եւ Հռիփսիմէ Սայրըններու անունով կոչուած այս դասարանի բացման հաւաքոյթը մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Ներկայ էին խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, կրթական մշակներ եւ այլ հիւրեր։

Տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Բոլորը ջերմօրէն շրջապատեցին Հռիփսիմէ Սայրընը, որ երախտագիտական զգացումներու առարկայ դարձաւ իր զօրակցութեան համար։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023